Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըԲնագիտութեան Պատմութեան Թանգարան (գերմաներէն՝ Naturhistorisches Museum), բնագիտութեան պատմութեան մեծ թանգարան, կը գտնուի Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ։ Թանգարանին ցուցադրած իրերուն ամէնէն հին հաւաքածոները ունին 250 տարուան պատմութիւն եւ կը ցուցադրուին 8,700 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ։ Ըստ 2011-ի տուեալներուն, թանգարանին մէջ գոյութիւն ունին շուրջ 30 միլիոն նմուշներ, իսկ այդ թիւը մշտապէս աճման մէջ է: Հաւաքածոյին նմուշները հիմք կը հանդիսանան 60 գիտական աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններուն, որոնց շրջանակը կ'ընդգրկէ Արեգակնային համակարգի ծագումը, կենդանիներու, բոյսերու եւ մարդու եղափոխութիւնը, նախապատմական աւանդոյթներն ու սովորոյթները։ Այսօր Վիեննայի Բնագիտութեան թանգարանը գիտութեան, պատմութեան եւ արուեստի իւրայատուկ միաձուլում մըն է։ Ան այցելուներուն առիթ կու տայ մէկ վայրի մէջ ծանօթանալու Երկիր մոլորակի միլիոնաւոր տարիներու պատմութեան, կեանքի անհուն բազմազանութեան եւ մարդկութեան անցեալին՝ հնագոյն բրածոներու եւ երկնաքարերու աշխարհէն մինչեւ նախապատմական մարդու առաջին հետքերը․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր
|
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 14 236-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 14 236 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝


